Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Читать онлайн книгу.

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց


Скачать книгу
եւ փոքրիկ բռնաւորներ կը տիրէին, ստրուկք եւ խաղալիք օտարին: Եթէ ինք, որ հանճարի մարդ էր կը ջանար համոզել նախարարաց երեւելիքը միանալ դաշնակցութիւն մը կազմել օտարին բռնութենեն ազատելու հայրենիքը եւ արդարութիւնը թագաւորեցնելու համար, կային այնպիսի թուլամորթ կամ չարակամ կամ կարճատես մարդիկ, որ փախուստ կ'ուտային այդ միաբանութեան կապեն, երկրին տարածութիւնը, լեռներու անջրպէտքը ցցնելով, որոնց Թէոդորոս կը հարցնէր իրաւամբ թէ «ինչպէ՞ս ուրեմն այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ` այդ լեռներու բարձրութենեն հայ կրօնք եւ հայ լեզու կրցեր էր ճամփայ գտնել եւ միացնել այդ ժողովուրդները հայ ազգութիւնը կազմելու համար»: Այդ մարդը, որ աչքերը տնկած Սասանեանց հզօր գահույից անկումը գուշակած էր, վասնզի ապականութիւնը եւ փտութիւնը տեսած էր թէ ի՛նչ աստիճանի հասած էին հոն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ, այդ մարդը, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս նոյն տեսարանը նկատած էր Բիւզանդական խարդախ եւ թունալից կառավարութեան մէջ, եւ հիմա կը տեսնէր Արաբիոյ անապատներէն վայրենի եւ բարբարոս կրօնամոլ ամբոխ մը, որ հազիւ թէ լսելի եղած աշխարհքիս` իբրեւ հրաբուխի բորբոքեալ գետ մը կը դիմէր, կը հասնէր, կը տոչորէր յաջորդաբար Դամասկոս, Եփես, Երուսաղէմ, Հալէպ, Անտիոք, Մեմփիս, Աղեքսանդրիա, Տիզբոն, որ ոչինչ չէր խնայէր, ոչ հասակ, ոչ սեռ, ոչ ալիք, ոչ սրբութիւն եւ ոչ կրօն, եւ որ սոսկալին է, կը տեսնէր ույդ հրեղէն գետը հասած դիզուած Հայաստանի սահմանագլուխը սպառնալից. դառնացեալ կը մտածէր եւ իր բոլոր միտքն ու ջանքը հոն էր, որ այս պատուհասը հեռացնէ իւր հայրենեաց վրայեն: Եւ այս վիճակին դարման տանելու համար Յունաց Սպարապետը գնացեր տեսեր էր Կարին, եւ համոզէր էր զինքը ամենայն քաղցբութեամբ` զօրաւոր փաստերով եւ ապագային ահագին վտանգներն առաջ դնելով թէ պէտք էր շարժիլ եւ շարժիլ ամէն զօրութիւն: Եւ ինք անգործ չի մնալով կը շրջէր գաւառէ գաւառ` կը յորդորէր զամենքը եւ կը զօրացնէր հայկական գունդը:

      Այս պտտճառաւ անցէր էր նաեւ Շիրակայ, որ այն ժամանակներ Կամսարականաց կը պատկանէր, եւ ուր Սուրէն իրեն ընկերացեալ զօրաց մեծ մասը Վարդանայ կերտ թողլով` փոքր խումբով Վարդանաբերդ եկած էր Կամսարական իշխանին թախանձանոք, որպէսզի աւելի հանգիստ ըէէ:

      Հազիւ թէ սաղաւարտը թողէր էր Թէոդորոս` կապոց մը գիշերային զգեստներ բերին սպասաւորք եւ Հայոց զօրավարը բոլորովփն սպառազինութիւնը թողած առաւ սամոյրը վրան եւ երբ կուզեր տարածուիլ բազմոցին վրայ հանգչելու համար, ներս մտաւ Սուրէն քրոջը հետ միասին: Մամիկոնեան Տիկինը կ'ուգար համառօտ եւ ազնիւ խօսքերով բարի գալուստ մաղթելու Հայոց զօրավարին: Թէոդորոս քաղաքավար եւ քաղցր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած հիւրընկալութեան, մանաւանդ որ ինք միշտ կը յիշէր թէ ինչ սերտ բարեկամութիւն կը կապեր Մամիկոնեան Տիկինը իւր կնոջ հետ:

      – Ես շատ ուրախ եմ, Տէր, պատասխանեց Տիկինը, որ Գրիգոր այս վայրկեանիս դառնալով Ռշտունեաց Ոստանեն, ինձ բարի Հուրեր տուաւ ձեր Տիկնոջ եւ զաւակաց վրայ:

      – Նո՞ր կ'ուգաս Ոստանեն, որդեակ Գրիգոր, եւ ամէնը ո՞ղջ, առո՞ղջ էին:

      – Այո, Տէր, – պատասխանեց Գրիգոր:

      – Երկիրս ի՞նչ վիճակի մէջ տեսար, որդեակ:

      – Երջանիկ այնքան, որքան ոչ մի տեղ Հայաստանի մէջ:

      – Ինչպէս Կ'ոգովտի գաւառը: Երկու-երէք անգամ այս տարուան մէջ անցայ այս տեղաց. եւ միշտ, ինչպէս սովորութիւնս է, գեղերը գիշերեցի. ամէն տեղ տեսայ


Скачать книгу