Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Читать онлайн книгу.սենեկին մէջ վեր-վար կը շրջագայէր` երբ Բաբկէն արձանի պէս անշարժ կեցէր էր. վերջապէս Թորոս դառն ժպիտով մը`
– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – շատ կ'ուզէի Կոստանդինը տեսնել, վասնզի կ'երեւակայեմ թէ ինչչափ, որ շատախօս է, նոյնչափ եւ աւելի ալ քաջ է, բայց այս անիծեալ կառավարութիւնը, որ աւազակներու, գողեր ու համար ինչչափ անփոյթ է, այնչափ արթուն է մեզի պէս գերիներու համար, ո՛վ գիտէ թէ Կ'ոստանդնի հոս գտնուիլը ոստիկանութեան լրտեսները չեն գիտէր, եւ արդէն կամաւ թողած են, որ պատի եւ տեսած ու տեսնուած մարդիկը նշանակեն: Քանի որ Մլեհ այդչափ անարգ սիրտ մը ունի, եւ Ստեփանէ այդչափ հողդողդ է, քանի որ Լամբրոնի իշխանքը հոռոմոց գերութենեն չեն ձանձրացեր, ես պէտք է իմ ազգիս գլխուն ճարը տեսնեմ. զրուցէ Կոստանդնին, որ զիս տեսնել անօգուտ է, թող զիս Սեւ լեռը սպասէ: Այսչափ տարի համբերեց, շատ-շատ` տարի մ՚ալ համբերէ: Ի՛նչ տեղեկութիւն, որ բերէր է` ինձի բաւական է: Բայց չի հարցուցի՞ր թէ ինչ միջոց, քանի հոգի ունի եղեր, որ աս մայրաքաղաքին դռան առջեւ կը ղզիի մը բանտ մը կոխելու յանդգնութիւնը ունեցեր է:
– Քիչ մը դրամական օգնութիւն գտնելով քանի մը եկեղեցականներէ, գենովացի նաւ մը վարձեր է, հինգ ալ ընկեր գտեր է իրեն պէս անվեհեր մարդիկ եւ աս խորհուրդը մտածէր է:
– Բայց դու ի՞նչ ըսիր, Բաբկէն, աս մեր Կոստանդնին մտածութեանը:
– Ըսի թէ յիմարութիւն է, եւ բարեբախտութիւն մ՚է, որ արդէն բանտին դուռը բացուած լինելով իրենց քաշութեան կարօտութիւն չէ մնացած, որ Կիլիկիոյ միմիայն յուսոյն թերեւս անօգուտ մահը պիտի պատճառէր: Ուստի չե՞ս ուզէր իրեն գալը զքեզի հետ տեսութեան:
– Չեմ ուզէր, որ այսպիսի քաջ մարդիկ հուսակտուր լինին, ուստի դու կրնաս խոհեմաբար զիս տեսնելու անօգուտ եւ վնասակար հետեւանքը իմացնել:
– Արդէն գրեթէ իմացուցի, եւ ինք շատ տխրեցաւ, վերջին պատասխանի մը կսպասէ վաղը շուկայի մեծ դռան առջեւ:
– Ահա, վերջին պատասխանն ալ դարձեալ աս պիտի լինի: Երթալ եւ մեր լեռներուն մէջ ինձի սպասեւ:
– Այսչա՞փ: Ուրի՞շ:
– Կ'երեւայ թէ ուրիշ մտածութիւն մ՚ալ դու ունիս, Բաբկէն հայրիկ:
– Այո՛, ունիմ:
– Զրուցէ՛ ուրեմն:
– Կը հրամայե՞ս, որ զրուցեմ: Ի՞նչ կարգիլէ, որ մենք ալ Կ'ոստանդնի պատրաստ նաւով դառնանք Կիլիկիա. կարելի չէ՞, որ Կոստանդին հազիւ հասած դեռ մարդ իր գալուն հոտը չառած, մտնենք իրեն հետ նաւը եւ շուտով ճամփայ ելնենք:
Եւ այս խօսքերը ըսելուն` Բաբկէն իր երկայն ընքուիներուն տակեն իր սուր աչքերը Թորոսի բիբերուն վրայ տնկած պատասխանի մը կը սպասէր: Այդ նայուածքը եւ նորա նշանակութիւնը միայն Թորոս կրնար իմանալ, ուստի անխռով պատասխանեց, ոչ թէ Բաբկէնի մտքին, այլ սրտին խօսելով:
– Մենք մեր բանտեն ելնելուն երկրորդ օրը թէ որ այս բնակարանը թողունք եւ փախինք, կարելի է, որ կարէնանք ողջ-առողջ Կիլիկիա հասնիլ, միթէ բոլոր յունաց սրընթաց նաւերը մեր ետեւեն չե՞ն սրանար, միթէ ան կառավարութիւնր, որ Լեւոնի մահուընեն գրեթէ տարի մը վերջը իր ապուշ տղան բանտեն ազատելու համար այնչափ բարեխնամ աղաչանաց խուլ եղաւ, եւ հազիւ շնորհք մը ընելու զիջաւ, կը յուսա՞ս թէ գաղտնի մեր վրայ չի հսկէր եւ մեր առաջին անխոհեմութեան անյուշ բանտի զմեզ չի դատապարտէր: Ես ալ կը սիրեմ ազատութիւն, ես ալ կը յիշեմ մեր լեռներուն պայծառ արեւը, երեկոյեան զով քամին եւ անջինջ երկնքին պարզութիւնը, եւ բան մը