Թորոս Լեւոնի. Ծերենց

Читать онлайн книгу.

Թորոս Լեւոնի - Ծերենց


Скачать книгу
վիճաբանի մը կը պատահէր եւ կը զգար հրալից ամպը, որ ճակտին վրայ կը դիզուէր, կը լռէր եւ իր դաստիարակին ժպիտ մ՚արձակելով կ'առնէր կը քալէր, եւ հանդարտութիւնը հասնելեն վերջը դարձեալ կ'ուգար ի կռիւ, բայց ալ զէնքերը փոխուած էին, իր սուր միտքը փոխանակ շանթերու` թունաւոր նետեր կ'արձկէր, հեգնութիւն եւ երգիծանք կը սրանային իր շրթունքներէն: Եւ դարձեալ այս ամէն բնաւորութեան խստութեամբ ալ թէ որ կանայք փախչէին իսկ իր ընկերութենեն, էրիկ մարդիկ գիտնալով ալ թէ անխոց պիտի չելնեն իր պալատեն` դարձեալ կը վազէին փափագով իր տեսութեան: Այսչափ զօրաւոր են կը նկան մը գեղեցկութեան հրապոյրքը:

      Ուստի նոյն գարնան երեկոյին, Բիւզանդիոնի վճիտ երկնքին լիալիր լուսնով մը, նստած էին Եւփիմեայ մեծ սրահին յարակից կախաղանաւոր կիտրոն եա պարտիզին մէջ քանի մը հիւրեր Օրիորդին բազմոցին շուրջը: Իսկ նա իրենց սիրաշունչ շողոքորթութեանց այնպիսի ժպիտներով կը պատասխանէր, որ անկարելի էր որոշել թէ հաճույի՞ց էին արգասիք եթէ արհամարհանաց: Վերջապէս երիտասարդ մը, որու սնապարծութիւնը հագուստներէն կը վազեր, որու պչրանքը հոգուոյն նուաստութեան հայելին էր, սրտնեղութեամբ ոտք ելաւ եւ կիսով գլովսը դէպ Օրիորդը դարձնելով

      – Զարմանք է, – ըսաւ, – որ Կոմնենոսի մը նաեւ ձեր գեղեցկութիւնը անուշ բառ մը չունի պատասխանելու, արքայազուն մըինձի պէս, որ կայսերական պատուանդաններուն վրայ է իր ծննդեամբ, թերեւս շատ նուաստացաւ հաճոյանալու համար ձեզի:

      Եւփիմէի առաջին շարժմունքը նետի հարուած մը ընդունող առիւծին էր, եւ հազիւ թէ իր գեղեցիկ ճակատը ցնցեց եւ աչքերը փայլակեցին, միտքը եկաւ թէ իր բախտը իրեն կը սպասէր եւ ինք երջանիկ էր, ուստի ելաւ հանդարտ ձեւով`

      – Ներէ, արքայազն իշխան, թէ որ ես անզգայ կը գտնվիմ ձեր կատարելութեանց, որոնց բարձրութիւնը մէկը չի կրնար ուրանալ. ուստի ձերն է յանցանքը թէ որ ձեզի հաւասարները չի փնտրեցիք:

      Եւ այս խօսքերը ազնուական ծանրութեամբ մը զրուցելեն վերջը` նոյնպէս զամենքը ողջունելով, գլուխը բարձր` թագուհուոյ մը պէս իր սենեակները քաշուեցաւ, ուրախ, որ դիւրութեամբ ազատեցաւ ընկերութենէ մը, որ զինքը կը ձանձրացնէր, ուրախ գտնելու համար ան ընկերութիւնր, որուն համար սիրտր կը տրոփէր:

      Իսկ նոքա, որ մնացին` մեղադրեցին Իսաք Կոմնենոս, որ այնպիսի նախատանոք եւ կոպտութեամբ վարուեցան գեղեցիկ Օրիորդին հետ, եւ ղրկեց զիրենք անոր ընկերութենեն: Իսկ Դիոնիս որ անշշունջ կը դիտէր աս ամէն եղածները, զիրենք ամէնն ալ ճամփայ դնելեն վերջը, ուղղուեցաւ գտնելու իր սանուհին, որ իրեն կը սպասէր եւ որ զինք տեսածին պէս, մէկեն դիմաւորելով «ի՞նչ է կարեւոր զրուցելիքդ», ըսաւ:

      – Իմ զրուցելիքս հարցմունք մ՚է, ի՞նչ է քու միտքդ հայ երիտասարդին համար:

      – Այս հարցմունքդ զիս կը զարմացնէ, դու լաւ գիտես իմ միտքս:

      – Անոր միտքն ի՞նչ է:

      – Անշուշտ իմ միտքս ինչ որ է` անորն ալ նոյնը պէտք է ըլլա:

      – Խնդրեմ ուրեմն ես ալ մէկ մը տեսնվիմ իրեն հետ եւ իր բերն են լսեմ եւ ըստ այնմ շարժիմ:

      – Վտանգ մը կա՞յ արդեօք, շուտ մը ինձի զրուցէ:

      – Շատ անհամբեր ես, զաւակս, դու իմ ըսածս ըրէ:

      Եւփիմէ առանց ժամանակ անցնելու աս վերջի խօսքերուն վրայ մէկեն սրացաւ սենեակէ սենեակ եւ գաղտնի դուռը բանալով, տեսաւ, որ Թորոս ոտքի վրայ իրեն կը սպասէր. առանց ամենեւին խօսելու


Скачать книгу