Թորոս Լեւոնի. Ծերենց

Читать онлайн книгу.

Թորոս Լեւոնի - Ծերենց


Скачать книгу
կը սպասեմ». եւ իրօք ծառայ մը եկաւ իմացնելու թէ ոստիկանութեան մեծը կը խնդրէր այցելութիւն մ՚ընել պալատին` Տիկին օրիորդի հրամանաւ:

      Եւ ահա ոստիկանապետն ներս մտաւ ու ամենայն մեծարանոք ողջունելէ վերջ`

      – Տիկին օրիորդ, – ըսաւ, – խնդրեմ հրաման տաք, որ քանի մը սենեակներու փոքրիկ խուզարկութիւն մը ընեն մեր պաշտօնատարք:

      Ի՜նչ արդեօք, – ըսաւ Եւփիմէ, – միթէ մեծ յանցա՞նք մը` ոճի՞ր մը իմ տանս մէջ կը յուսացուի:

      – Յուսացուի՜լ, չէ, բայց ո՜յ գիտէ, տանը Յարմարութիւնը, դիրքը` կասկածներ կրնան տալ, ուստի ամէն անոնք փարատելու համար…

      – Լաւ՛, տիար, ի՛նչ խուզարկութիւն, որ ուզէք` տէր էք:

      Ան ատեն, շիտակ արդէն մեզի ծանօթ կողմը երթալով, ան սենեակը, որ Թորոսի անկողնին սենեկին կը պատասխանէր, փնտրեցին, նայեցին եւ երբ տախտակամածին բերանը քարածեփ պատ մը գտան` ամէն իրենց կասկածները փարատեցան. եւ ոստիկանաց գլուխն խստութեամբ կարճահասակ մարդու մը դառնալով, որ արդէն մեզի ծանօթ է, վասնզի անգամ մը տեսանք,

      – Աս երիտասարդին փախստեան պատասխանատու դո՞ւ ես, տիար Միքայէլ, – ըսաւ, – հսկողութիւնը քեզ կինկներ. պէտք էր, որ դու անոր ամէն շարժմունքը դիանայիր. եւ ահա մարդը անյայտ կը լինի, եւ ոչ միայն ինք, այլնաեւ անոնք, որ դու տուած էիր իրեն ծառայելու, եւ դու, ապուշ ու անմիտ բառ մը չունիս պատասխան. դատաստանին կը մնա քեզի պատասխանելու. փուճ տեղ բերանդ մի՛ բանար հոս խօսելու:

      – Բայց, տիար…

      – Մի՛ խօսիր, անօգուտ կաշխատիս ինձ պատասխան տալու Համար, պահէ քու բոլոր ճարտասանութիւնդ դատաւորին, անոր առջեւ միայն պէտք կայ խօսելու: Ոստիկա՛նք, այս մարդը դատարան տարէք:

      – Բայց անգամ մ՚ալ մտիկ ըրէք, ես այդ երիտասարդին ծառայողները չեմ ճանչեր, անգամ մը միայն տեսայ, երկու օր առաջ եւ այսօր…

      – Այդ խօսքով քու յանցանքդ կը ծանրացնես, դու չի ճանչցած մարդկա՞նցդ յանձնեցիր քու հսկողութեանդ յանձնեալ մարդիկ: Տարէ՛ք, տարէ՛ք:

      Իսկ խեղճ Միքայէլ, զարմացական ձեւեր ընելով, եւ ճակտեն ջրի պէս քրտինք թափելով, երկու ոստիկանաց մէջեն դուրս ելաւ դատարան երթալու:

      Ոստիկանութեան գլուխը յարգանօք ողջունելով զեւփիմէ եւ Դիոնիսի կամաց ձայնով յայտնելով իր զարմանքը կ'ըսէր. «Տէրութիւնը կառավարող մեր մեծերը յիրաւի զարմանալի են, ազատ կը թողուն ասանկ վտանգաւոր մարդ մը աս ծովու պէս քաղքին մէջ, մեզի լուր մը չեն տար, եւ խեղճ մարդու մը, որ իր գլխուն տէրը չէ, կը յանձնեն, եւ հիմա կ'ելնեն մեզմէ կը փնտրեն»:

      – Եւ դու, տիար, անշուշտ երբ փնտրես` մէկը կրնաս գտնել:

      – Անշուշտ, – ըսաւ ոստիկանութեան պետը, – թէ որ փախցնողը Դիոնիս չէ:

      – Թէ որ նա ինքն է՞:

      – Ուրեմն չեմ գտնէր, – ըսաւ ժպտելով պաշտօնատարը:

      – Լաւ կ'ընես, – զրուցեց ծերը նոյնպիսի ժպիտով մը:

      – Բաւական է այսչափս, իմացայ, ե՞րբ ինձի հրաման մը եկաւ ձեզմէ եւ չի կատարուեցաւ, սիրտդ հանգիստ բռնէ, թող հայ երիտասարդը հանգիստ պտտի, միայն թէ Անդրոնիկոսեն զգուշանայ, վասնզի ամէն չարեաց պատճառ նա է, բաւական է թէ հայ մը գտնուի խնդիրի մը մէջ` իր ատելութիւնը դաւ եւ վտանգ կը տեսնէ հոն, երկինք, երկիր իրար կը խառնէ: Քանի-քանի՜՜ անգամ կայսրը եւ Ծերակոյտը աս ապուշ երիտասարդին ազատութիւն տալու հրաման ըրին, եւ ինք միշտ արգիլելու ճարը գտաւ, եւ հիմա, որովհետեւ ապստամբ ու վտանգաւոր հայ մը տեսնուած կայ


Скачать книгу