Թորոս Լեւոնի. Ծերենց

Читать онлайн книгу.

Թորոս Լեւոնի - Ծերենց


Скачать книгу
շտկուիցաւ դէպի դուռը: Իսկ Եւփիմէ առանց մէկ բառ մը կորսնցնելու, մէկ մը ծերուն, մէկ մը Թորոսին կը նայէր եւ առանց Թորոսի թեւը թողլու եկաւ մինչեւ նորա սենեակը, եւ փոքրիկ կապոց մը շինելով ստկի ու ճերմկեղէնի կը սպասէր` երբ Բաբկէն իր տիրոջ հետ վեր ելաւ: Եւփիմէ առանց բան մը զրուցելու կապոցը Բաբկէնի ձեռքը տուաւ. անկից վազեց Լեւոնի կախուած սուրը առաւ, Թորոսի երկնցուց, որ ան սիրուն ձեռքը իր շրթանց տանելով սուրը առաւ մէջքը կապեց: Եւ ասոնք ամէնը արագ, բայց անխռով կատարուեցան, իբրեւ թէ շատոնց որոշուած լինէին, եւ երեքը մէկեն ծերուն քով գտնուեցան:

      – Լաւ, – ըսաւ ծերը, – հիմա, Լազար, նայէ՛ ծառայ, աղախին չի գտնուի դուրսը:

      – Մարդ չի կայ, տիար. եւ բոլոր լոյսերը մարած են:

      – Աստուած բարի յաջողութիւն տա ձեզի, – ըսաւ ծերը եւ Թորոսի ձեռք տուաւ, որ նոյնպէս ձեռքով պատասխանեց:

      Եւ երբ սենեկին դռան քով եկաւ, դարձեալ պագաւ Եւփիմէի ձեռքը, որ մինչեւ ան վայրկեան բառ մը բերն են չէր հանած եւ միայն այն ատեն աչքերը արցունքով` «Աստուած հետդ ըլլա» ըսաւ. իսկ Թորոս մեյ մը երկինք նայեցաւ, մ՚եյ մ՚ալ անոր, եւ գլուխը դարձուց դէպ իր ճամփան, ամենայն արագութեամբ, ծածկելու համար սրտին յուզմունքը. Բաբկէն անշշունջ կ'երթար իբրեւ իրեն շուքը:

      Պալատին մէկ պզտի դռնեն Լազար սիրենք դուրս հանեց, եւ լուռ անձայն փողոցներու մէջեն արագ-արագ կ'երթային այս երեք անձինքը, երբ իրենց քովին կ'անցնէին խաւարի եւ անզգամութեան արբանեակներ. մինչեւ որ իրենց սահմանեալ տեղը իջան քանի մը գիշերապահ խմբիկներ ալ եղան, որ իրենց հարցմունք ընելու եթէ պատրաստուէին, Լազար անոնց գլխաւորին ականջեն բան մը զրուցելով ճամփայ կ'առնէր, մինչեւ հասան տան մը դռան առջեւ. հոն Լազար բանալի մը հանելով դուռը բացաւ եւ իր ընկերները ներս մտցնելով դուռը կամացուկ մը գոցեց:

      – Շնորհէ ձեռքդ, իշխանդ իմ, – ըսաւ, – որ աս մութուն ձեզ առաջնորդեմ, եւ Թորոսի ձեռքն առնելով տարաւ սենեակ մը. Բաբկէնի համար դժուարութիւն չի կար, վասնզի մութուն ալ կը տեսնէր. «Դուք հոս նստէք» ըսաւ Լազար եւ աներեւոյթ եղաւ: Իսկ մեր երկու հայերն մնացին մթութեան եւ խաւարի մէջ, գոնէ Թորոս գիտէր թէ ինչ բանի համար էր այս գիշերային փախուստը. երբ Բաբկէն, որ կարծէր գուշակել` ինքնիրեն կ'ըսէր. «Իշխանիկս աս գիշեր աչք գոցած չէ, ես լաւ քնացա… արդեօք Կ'ոստանդնի գալը իմացա՞ծ են. երբ այդպէս է, իրաւ աս հոռոմները սատանայ են. ես չի կրցայ ճանաչել, անոնք ինչպէ՞ս ճանաչեցին… հիմա ո՞ւր կ'երթանք, անտարակոյս պիտի տեսնենք… հոռոմ աղջիկը իրաւ գեղեցիկ է… բայց ան սուր աչուի, մեծճակատ ծերը ո՞վ էր… է՜հ, Բաբկէն, ամէն բան կիմանանք… աստուած տար յաջող լինէինք, մէկ մը մեր Սեւ լեռը գտնէինք…»:

      Այսպէս կը խորհրդածէր Բաբկէն, երբ Լազար երեւցաւ` «Երթանք, տիար իշխան», ըսաւ: Քանի մը քայլ առնելով դուռ մը բացաւ եւ ինքզինքնին լուսնի լուսոյ մէջ եւ ծովեզրը գտան: Երեք ջուխտակ նաւ մը կը սպասէր: Հազիւ թէ տեղաւորեցան` նաւը սկսաւ սուրալ պատռելով ծովը` թողլով աջ կողմը մայրաքաղաքին եւ ձախ կողմր Ղալաթիոյ ափունքը, քանի մը ձկնորսի նաւեր եւ քանի մը պահնակ նաւեր միայն կային ծովուն վրայ, որոնց մէկ հատը միայն մօտենալով նաւուն եւ Լազար իր նշանի բառը տալով ազատ իրենց ճամփան կը շարունակէին նաւուն գլուխը դէպի Վոսփոր միշտ ուղղելով: Կ'անցնէին շարունակ եւ ետ կը ձգէին այսօրուան Պեշիքթաշ, Օրթագեղ, Առնաւուտ գեղ եւ կարգաւ արուարձանաց շարունակում թիւնքը դէպի վեր, մինչեւ որ հասան Թարաբիայի ծովեզրը տան մը առջեւ եւ հոն նաւակը կեցաւ: Ան ատեն Լազար ելաւ ցամաք եւ ձեռամբ


Скачать книгу